2009-05-10 14:12:57

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի` մայիս 10, 5-րդ կիրակի Յինանց, տօն Երեւման ս. խաչին

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէնշ, գլուխ 7, 14-23 համարները։


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի` մայիս 10, 5-րդ կիրակի Յինանց, տօն Երեւման ս. խաչին

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէնշ, գլուխ 7, 14-23 համարները։



Յիսուսի առաքելութիւնը

Տօնական օրերու կէսին, Յիսուս տաճար գնաց եւ սկսաւ սորվեցնել։

Հրեաները կը զարմանային եւ կ'ըսէին Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ այս մարդը՝ գիտէ՛ գրուածները, երբ ուսո՛ւմ չէ ըրած երբեք։

Յիսուս պատասխանեց անոնց եւ ըսաւ Ինչ որ ե՛ս կը սորվեցնեմ իմ (վարդապետութիւն)ս չէ՛ այդ, այլ անորը, որ զիս ղրկեց։

Եթէ անոր կամքը ուզէ կատարել մէկը, (որ զիս ղրկեց), պիտի հասկնա՛յ (մէկէն), թէ Աստուծմէ՞ են վարդապետածներս, թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ։

Ան, որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր սեպհական փառքը կը փնտռէ, իսկ ան, որ անոր փառքը կը փնտռէ, որ զինք ղրկած է՝ ա՛ն է ճշմարիտը եւ անիրաւութիւն չկա՛յ անոր մէջ։

Չէ՞ որ Մովսէս տուաւ ձեզի Օրէնքը, բայց ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր այդ Օրէնքները,

քանի որ սպաննել կ'ուզէք զիս։ Ժողովուրդը պատասխանեց եւ ըսաւ Դե՛ւ կայ քու մէջդ, ո՞վ սպաննել կ'ուզէ քեզ։

Յիսուս պատասխանեց անոնց եւ ըսաւ Գործ մը գործեցի եւ բոլորդ զարմացած էք

ատոր համար։ (Արդ), Մովսէս՝ թլփատութիւնը տուաւ ձեզի, որքան ալ Մովսէսէ՛ն չէր այդ, այլ նախահայրերէն եւ դուք մա՛րդ կը թլփատէք Շաբաթ օրով,

ուրեմն, եթէ Շաբա՛թ օրով թլփատութիւն կ'առնէ մարդ, որպէսզի Մովսէսի Օրէնքը չխախտուի, ի՞մ վրաս կը բարկանաք, որ ամբողջ մարդ մը բժշկեցի Շաբաթ օրով։

Արտաքին երեւոյթներէն մի՛ դատէք, արդա՛ր դատաստան կտրեցէք։

Այդ երուսաղէմացիներէն ոմանք սկսան ըսել Ան չէ՞ ասիկա, որ սպաննել կ'ուզէին,

ահա, հրապարակաւ կը խօսի եւ բան չեն ըսեր ասոր հակառակ, արդեօք մեր իշխանաւորնե՞րն ալ հասկցան, որ ասիկա է Քրիստոսը։

(Սակայն) երբ Քրիստոսը գալու ըլլայ, ոչ մէկը պիտի գիտնայ, թէ ուրկէ է ան, մինչ մենք գիտե՛նք, թէ ուրկէ է ասիկա։

Մինչ Յիսուս կը սորվեցնէր, տաճարի մէջ իր ձայնը բարձրացուց եւ ըսաւ Թէ՛ զիս գիտէք եւ թէ՛ ալ ուրկէ ըլլալս գիտէք եղեր ինքնիրմէս չե՛մ եկած ես, այլ (ինք) Ճշմարտութիւնն է, որ զիս ղրկած է, զոր դո՛ւք չէք ճանչնար։

Ես՝ կը ճանչնամ զինք, քանի որ ես իրմէ՛ իսկ եմ եւ ա՛ն ղրկեց զիս։

(Այս խօսքերուն վրայ) բռնել ուզեցին զինք, բայց ելաւ անոնց ձեռքէն եւ մէկն ալ չհամարձակեցաւ ձեռք բարձրացնել անոր վրայ, որովհետեւ անոր ժամանակը չէր հասած տակաւին։








All the contents on this site are copyrighted ©.